Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում)

Համազգայինի Ուսանողական Մշակութային Հաւաքը (Ֆորումը) ծնունդ առաւ 1994ին, Համազգայինի Բ. Ընդհանուր Ժողովին կողմէ, Ծաղկաձորի մէջ, Հայաստան: Հիմնական նպատակը հայ համալսարանական ուսանողներու կամրջումն էր: Այլ խօսքով՝ ի մի հաւաքել հայ համալսարանականները հայկական մթնոլորտի մը մէջ, տալ անոնց՝ անցեալն ու ներկան, պատմութեան եւ աւանդութիւններուն հետ՝ մեր բարդ իրականութիւնը, մշակոյթի արժէքներուն հետ զանոնք պահպանելու մտահոգութիւններն ու կարելիութիւնները, հայ երիտասարդին դիմագրաւած ընկերային եւ ազգային խնդիրները եւ վերջապէս հայ համալսարականին՝ հայութեան նկատմամբ իր պարտականութիւնները:

Պատմական

Երիտասարդական ֆորումին մէջ՝

  • Ընկերային միջավայրի մը մէջ, կը ծանօթանաս Հայաստանին։
  • Դասախօսութիւններու միջոցաւ, հայկական մշակոյթի մասին նոր տեղեկութիւններու
    կը տիրանաս։
  • Զանազան աշխատանքներու մասնակցելով, Հայաստանի եւ հայութեան վերաբերեալ
    գիտելիքներդ կ՚ընդլայնես։
  • Քեզի նման հայ երիտասարդներու հետ, հայկական ինքնութեանդ վերաբերող
    հարցեր կը քննարկես։
  • Հայաստանի տեսարժան վայրերը կ՚այցելես։

Հայ երիտասարդները առնչել իրենց նախնիներու արմատներուն եւ արթնցնել իրենց ինքնագիտակցութիւնը։

Վայր եւ Սակ

Եւրոպա Պանդոկ

38 Hanrapetutyan St, Yerevan 0010
Armenia

 

Մասնակցութեան Սակ

$1,100 Ամ. Տ.

Կապուէ մեզի հետ

+961 3 549 917

Արձանագրութիւն

Առցանց արձանագրութիւն